Sayfadaki görseller
PDF
ePub

ելու. Հոդն ու առնողը:

. բովանդակ

ւաջնորդութիւնն յանձն

Գ. Տարանաալէն, այսինքն՝ մամուլին տէրը, որ իբրեւ տպող՝ տպագրութեան գործքն յանձն կառնու եւ կը կառավարէ, թէեւ նիւթապէս գործակից

չըլլայ:

[ocr errors]

Դ. Նիւթական գործակցութեամբ՝ մամուլին քով տպագրութեան օգնողներն ամենքը: Ասոնց կարգէն են՝ ֆրաշարը, ընդ-ո-ն, ո-ղը երջը, --*** +ո *rè»ղ:. միով բանիւ՝ ուղղակի կամ մեր– ձաւոր գործակցութեամբ տպագրութեան օգնողներն ամէնքը 2 :

Իսկ միայն անուղղակի գործակիցք, ինչպէս՝ թղթավահաաը, սրբակրոն, եւ այլն, այս բանադրանաց տակ չեն իյնար 3. վասն զի պղող գաղափարին մէջ չեն կրնար ենթադրուիլ: Բայց սրբագրողք իբրեւ “ընթերցող, կիյնան բանադրանացս տակ . վասն զի առանց կարդալու չի կրնար գիրք մը սրբագրուիլ։

3. Որով եւ իցէ օրինակաւ “պաշտպանողք,, են ամէնքն՝ որ կամ` վերոյիշեալ արգելեալ գրքերուն՝ իբրեւ նոյնպիսեաց Համար, կամ՝ անոնց մէջ բովանդակուած- վարդապետութեանց Համար կը կռուին, թէեւ այս պաշտպանութիւնն ըլլայ Ա. Բայական կամ` վարդապետական, եւ կամ Բ. Նի-ակն եւ իբր մարմնական:

[ocr errors]
[ocr errors]

Ա. Բարոյապես կը պաշտպանէ մէկը գիրք մը, երբ անոր մէջ բովանդակուած վնասակար վարդապեւթիւնը գրով կամ բերանով, Հրապարակաւ կամ ի ծածուկ կը գովէ, յարգելի կը ցուցընէ, կը ջանայ 1 Ռիեդի, անդ:

[ocr errors]
[ocr errors]

2 կուրի-Պալ. Բ. 972, կ'ըսէ կուրի – Կրետոնի, ի Ծան. կ'ըսէ. Նկատմամբ ստորակարգեալ սատարաց կամ՝ գործ ծակցաց, այս դատակնքի տակ իյնալու Համար, բաց ի պահանջեալ գիտութենէն, պէտք է նաեւ որոշել ի պարագայից՝ թէ արդեօք ասոնք այս ինչ դիպաց մէջ կերպական թէ նիւթական գործակիցք են. եթէ վերջինն է, վասն արդար եւ պատշաճական պատճառաց՝ գործակցութեան մեղքէն՝ (-իլ, կըսէ Պալլ: իոնի՝ պաարին) կ'արդարանան արդեօք թէ ոչ,:

3 Սանք. անդ: Սուար. վասն Հաւ. 21, 24:
* Ռեդի, էջ 27. Ծ. 25:

եւ

Հաւանեցընել թէ այդ գրքերն աղէկ են, եւ չեն ար~ ժանի արգելուելու. եւ կամ` կը ճգնի մէջը բովանդակուած խոտորնակ վարդապետութիւնը Հաստատել ամէն բծէ ազատել, եւ կամ՝ ուրիշ կերպով մը կը պաշտպանէ 2։ Նաեւ գրուածին իմաստութեան եւ ա ա նուութ եան տրուած գովութիւնն ալ ՝ պաշտպանել գաղափարին մէջ կը բովանդակուի, եթէ այդ գովու թիւնը դրքին նկատմամբ Հաճութիւն, Հաւանութիւն մը բովանդակէ 3: Իսկ

Բ. Նիւթապես կը պաշտպանէ մեկը գիրք մը, երբ բռնութեամբ կամ նենգութեամբ կամ՝ այլ որով եւ է կերպով գրքին ջնջումն կամ Առաջնորդին տրուի լը կ'արգելուե,

[ocr errors]

Իբրեւ վերջ Բ. կանոնիս՝ կը յիշեցընենք իշխանութիւնն, զոր Եպիսկոպոսունք Ապաշխարութեան Ս. Ժողովէն երեք տարւան համար կ'ընդունին, եւ զոր նաեւ իրենց Հպատակ խոստովանահարց կրնան յանձնարարել, որով կրնան արձակել «արգելեալ գրքեր պահելով եւ կարդալով յանձն ձգուած դատակնիքներէն, դնելով վրանին պատշաճական փրկարար ապաշխարանք եւ խիստ պարտաւորութիւն՝ անյապաղ եւ եթէ հնար է՝ յառաջ քան զարձակումն, ետ տալու արգելեալ գրքերն, եթէ խոստովանորդին քովն ունի, 5 :

ֆ.

«Հերձուածողք եւ անոնք՝ որ ժամանակին Հռոմէական Քահանայապետին հնազանդութենէն յամառութեամբ կը խուսեն կամ՝ կը զատուին:,,

6

Չկայ գործ մը՝ որ Աստուծոյ ու Եկեղեցւոյ առջեւ այնպէս ատելի, եւ Քրիստոսի Տեառն մերոյ Եկեղեցին Հաստատած ժամանակ դիտած- վախճանին

1

Հուկոն, վա ասն Հաւ. վ. 21. Թ. 94:

2 Սուար. անդ. Ռիեդի. էջ 27, Թ. 37. Ծ. 23:

3 կուրի - ալը. Բ. 972.

* Ս• Լիգ· Է. 285: Քրուա, Է. 358:

* վէքքիոյ, անդ, Թ. Ե

[ocr errors]

ի կոնդակէն Ըրից 1:

Տես Էջ 7:

այնպէս Հակառակ ըլլայ, ինչպէս հերձուածը։ Այս է այն անողորմ՝ սիրտն, այս է այն անգութ ձեռքն՝ որ Քրիստոսի Տեառն մերոյ առանց կարանի հանդերձը, Եկեղեցւոյ միութիւնը, կը. ցելու կը բաժանէ: Այս պատճառաւ ալ Ս. Հարք միշտ անհանդուրժող եղած են այս ծանր ոճրոյն դէմ, եւ Եկեղեցին ալ ծանր պատուՀասիւք նոյն յանցանաց առաջն առնուլ ճգնածէ եւ կը ճգնի:

կանոնս, ինչպէս առջի Հայեցուածին կ'երեւայ, երկու մաս կը բաժնուի։ Ա. Մասին մէջ ի մէջ կը բեր րուին “հերձուածողք, ըստ յատուկ նշանակութեան բառին։ Իսկ Բ. մասին մէջ անոնք՝ որ առ ժամն իշխող Քահանայապեաին հնազանոաան կը զլանան:

1.

* երձուածը կը կայանայ՝ կամողիկ։Եկեղեց-ոյ Դ--լինեն բանն ալ- զբայ1: Եկեղեցւոյ միութիւնն երկու կէտ ունի : 1 . Անդամոց իրարու հետ ունեցած կապը. եւ 2. Անդամոց Հռոմայ Եպիսկոպոսին, Եկեղեցւոյ տեսանելի Գլխոյն, Քահանայապետին Հետ ունեցած կապը: Ըստ այսմ՝, Եկեղեցւոյ միութ ենէն բաժնուիլն երկու կերպով կրնայ ըլլալ. կամ՝ 1 . Միայն Գոլին, զոր օր. երբ Եպիսկոպոսունք առանց Քահանայապետին Ընդհանուր Ժողով գումարեն, կամ՝ 2. Եջկ»-ն ալ է ասին, ուստի թէ գլխէն թէ անդամներին:

Արդ, կանոնիս Ա. մասին մէջ կը բովանդակուին՝ կապարեալ կամ կերպական “հերձուածողք, այսինքն անոնք՝ որ բաժնուած են ոչ միայն ի միութ ենէ Եկե ղեցւոյ, որ մարմնոյ անդամոցն իրենց տեսանելի Գլխոյն Հետ միութեան վրայ կայացած է, ուստի ոչ միայն Հռոմայ Քահանայապետին պարտական եղած Հնար զանդութենէն յամառութեամբ ետ կը կենան, Հապա նաեւ մարմնոյն անդամներէն ալ իրենք զիրենք բաժ նած- են 3 : վերջին կէտն՝ ամբողջական բաժանու

1 Ռայֆֆ. Ե 8 2:

21. n. 2. U. 2. U. p. 39. U. 1:

3 Լուկ. անդ. ԻԵ. 35:

1

նաեւ ի մարմնոյ Եկեղեցւոյ, Հերձուածին լըո- է. աս ալ կապարեալ հեր3--ֆ (schisma perfectum) կ'ըլլայ՝ Հռոմէական Եկեղեցւոյ միութենէն բաժանեալ նոր աղանդ մը, (ազգային) եկեղեցի մը Հաստատելով, կամ արդէն Հաստատել:յ մը կամ նոյնին տածիչ եղող անձանց յարելով: Ուստի, “հերձուածողք, ըստ յատուկ մտաց անոնք են, որ Քահանայապետէն նկախ եկեղեցական իշխանութիւն մ՚անձանց կը սեպՀականեն, միութեան կենդրոնէն բաժանեալ նոր եկես ղեցիներ կը Հաստատեն, ծածուկ կամ՝ հրապարակաւ չարաժողովներ կը գումարեն, եկեղեցական իրաց վրայ տրամադրութիւններ կ'ընեն, իբրեւ թէ անկախ եկեղեցական իշխանութիւն մ՚ունենային : Հերձուածողաց այս դասուն կը վերաբերին ոչ միայն անոնք՝ որոնք յունական, ռուսական երկիրներու մէջ արդէն ի վաղուց - Հռոմէական Եկեղեցւոյ միութենէն բաժանեալ յունական հերձուածական, եւ կամ՝ Էջմիածնական եկեղեցւոյ կը յարին, հապա նաեւ անոնք՝ որ Հռոմէական Աթոռէն անկախ նոր կրօնական ընկերութիւն մի կը հաստատեն, ինչպէս Հին - կաթ ողիկէականք , արեւելեան - կաթ ողիկեայք, որոնք թէ Յիսուսի Քրիս– տոսի Խորհրդական մարնէն՝ Եկեղեցիէն, եւ թէ Եկես ղեցւոյ Գլխէն, Հռոմայ Քահանայապետէն բաժանեալ են : Հերձուածողաց այս Ա • դասը չի կրնար ընդ երկար հերետիկոսութենէ ազատ մնալ . վասն զի Քար Հանայապետին՝ իբրեւ այնպիսւոյ՝ անհնազանդութիւնը բնականապես հետը կը բերէ նոյն իսկ Առաքելական Աթոռոյն դէմ՝ ապստամբութիւն մը, ինչպէս ցաւալի փորձը միշտ ցուցած է։ Անոր Համար ամէն ժամանակ ստուգուած է Ս. Յերոնիմոսի խօսքը . “Չկայ Տերձուած, որ հերետիկոսութիւն մը չծնանի,,2: Եւ այս պատճառաւ իսկ կրնան այսպիսիք թէ հերձուած-ի եւ թէ հերետիկոսութ եան կրկին բանադրանաց տակ իյնալ:

1 Աւանց. Ծան. 5: Ձոլլի, էջ 49, Թ. 75: Ռիդի, Էջ 31, Թ. 43 : Բատ. էջ 74, Թ. 139, եւ այլն:

2 Nullum schisma est, quod non sibi aliquam haeresim confingat. Տես Ս. Թովմ. 2. 2. Խ. 39. Ա. 1. Գ. եւ Ծ. 3:

2.

Րաց ի կատարեալ Հերձուածողացս՝ կը բովան դակէ կանոնս ուրիշ ապստամբաց խումբ մալ, որոնք թէեւ - արտաքուստ Եկեղեցւոյ մարմնէն բաժանեալ չեն, եւ ոչ Եկեղեցիէն դուրս, սակայն աստ եւ այժմ՝ իշխող Քահանայապետին Հնազանդութիւն կը զլանան՝ անոր հնազանդելու յամառութ եամբ ընդդիմանալով է, եւ այդ իսկ է անկապ հ-ր3ո-ածը: Որպէս զի ասիկայ իրական Հերձուած մ՚ըլլայ, որուն վրայ բանադրանքս կը դրուի, կը պահանջուի՝ որ

[ocr errors]

1. Այդ յանցաւորք “յամառութեամբ, ան սաստութեան ընդդէմ՝ Քահանայապետի պինդ կենան, յտրատեւեն. այսինքն՝ գիտութեամբ եւ կամք Եկե– ղեցւոյ Գլխոյն՝ իբրեւ Եկեղեցւոյ Գլխոյ՝ Հնազանդութիւն գլանան, իր Հրամանաց անսալ չուզեն, անոր իբրեւ Քահանայապետ ունեցած գերագոյն եւ աստուա ծային իշխանութիւնը ճանչնալ չուզելով : Ուստի, պարզ անհնազանդութիւնը բանադրանացս տակ չիյնար. Հապա այն անհնազանդութ իւնն՝ որ ժամանակին Հռոմայ Եպիսկոպոսին իբրեւ Եկեղեցւոյ Գլխոյն իշխանութիւնը չընդունիլ մ'ալ յինքեան բովանդակէ: Այսպես, ով որ պաՀոց կամ՝ օր մը տօնելու պատուերը՝ գոր Քահանայապետը պատուիրած կամ` դրած է, չի պահեր, թէեւ ծանր մեղանչէ՝ բանադրանացս - տակ չիյնար: Ընդ Հակառակն կ՚իյնար բանադրանացս տակ, եթէ նոյն իսկ օրինաց Հնազանդութիւն զլանար՝ Համարելով թէ օրէնքները թէեւ Քահանայապետէն դրուած ըլլան, սակայն իբրեւ նոյնպիսի ալ՝ պարտաւ որիչ չեն։ Կը պահանջուի՝ որ

[ocr errors]
[ocr errors]

2. Հնազանդութիւն զլանալն արրեակ կա տարուի։ Լոկ դիտեալ զլացում` մը՝ որ արդեամբք չի կատարուիր, չի բաւեր 2:

Բայց այս անկատար Հերձուածին էութենէն չէ, որ մեկն Առաքելական Աթոռոյ հեղինակութիւնն

1 Հմմ. Ռիդի, անդ:

2 Սուար. վ. ԺԲ Հ Ա. Թ. 5:

« ÖncekiDevam »